2013-07-30 13:32:59

Կարտինալ Պերթոնէի Ստորագրութեամբ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Կարտինալ Գրէշենցիօ Սէբէին։


Իտալիոյ Գամբանիա նահանգին մէջ անցեալ 28 յուլիսին հանրակառքի մը արկածին հետեւանքով զոհ գացին 38 հոգիներ մինչ շրջապտոյտի մը աւարտին Նաբոլի կը վերադառնային։ Հանրակառքը մայրուղիէն դուրս ելլելով 30 մեթր ցորի մէջ տապալեցաւ։

Այս տխուր լուրին ի տես ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` Կարտինալ Պէրթոնէի ստորագրութեամբ հեռագիր մը ուղղեց, Նափօլիի թեմին առաջնորդ Կարտինալ Գրէշէնցիօ Սէբէիին որուն մէջ գրած է`

''Իմանալով արկածին տխուր լուրը որ պատահեցաւ Նաբոլիէն դէպի Գանոսա տանող մայրուղիին վրայ որուն հետեւանքով շատերը իրենց կեանքը կորսնցուցին, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ,
Սրբազան հայրը իր խոր մասնակցութիւնը կը յայտնէ այս ցաւին որ հարուածեց Գամբանիայի հողամասը եւ մինչ կ՛ապահովցնէ իր եռանդուն աղօթքը բազմաթիւ զոհերու հոգիներուն յաւիտենական հանգիստի դիտաւորութեան, Աստուծմէ կը հայցէ վիրաւորեալներուն համար շուտաբոյթ առողջութիւն''։
Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ առաքեալական օրհնութիւնը կ՛ուղղէ զոհերու հարազատներուն որպէս մխիթարանք։







All the contents on this site are copyrighted ©.